Ճանչալ Քահանայապետը Իր Առօրեային Մէջ` Յատուկ Վաւերաթուղթ Մը Պատրաստուած Գերմանացի
Փոքրերուն Համար
Գերմանիոյ կաթողիկէ համացանցին մէջ կը գտնենք www.katholisch.de կայքէջը ուր փոքրերը
կարող են գտնել բազմաթիւ տեղեկութիւններ Սրբազան Քահանայապետին ու Վատիկանի մասին։ Այդ
տեղեկութիւններու նպատակն է պատրաստել նոր սերունդը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կատարելիք
առաքելական ճամբորդութեան մասին, 22-25 սեպտեմբեր 2011։ Տեղեկութիւնները, շարադրուած
պարզ ու զուարճալի ոճով, կը բացայայտեն նոր սերունդին Սրբազան Քահանայապետին ու անոր
աշախատակիցներու առօրեային մասին։ Այսպէս ընթերցողը կը գիտնայ թէ ինչպէս Քահանայապետը
կ'անցնէ իր օրը, անոր զգեստները ի՞նչ նշանակութիւն ունին, ի՞նչ է դերը զուիցերական պահակագունդին։
Վաւերաթուղթը նաեւ կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետին Գերմանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան
յայտագիրը եւ վայրերը ուր կարելի է հանդիպում ունենալ Սրբազան Հօր հետ։